2015-10-12 10:02:00

Գերապայծառ Կալլակէր` ''Խաղաղութեան կերտումին երեք մարտահրաւէրները''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Գոյացող օրէնքներու յարգանքը` առանց կանոններու չկայ մնայուն խաղաղութիւն. յանձնառում ի սպաս երկխօսութեան  ու բանակցութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ու կրօնի ազատութիւնը։ Ասոնք են երեք մարտահրաւէրները որ կը պարզուին մարդկութեան առջեւ, կերտելու հաւատալի ու ազդու խաղաղութեան ճանապարհ մը'' ըսաւ Ս. Աթոռի կառավարութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար` գերապայծառ Paul Richard Gallagher, խօսք առնելով  խաղաղութեան միջազգային Իրաւունքի հաստատութեան ժողովին։

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը դիտել տուաւ թէ հարկաւոր է հարցադրել ու վերատեսել ներկայ միջազգային  իրաւունքը, կանխարգիլելու համար պատերազմը ու պաշտպանելու համար բնակչութիւնը։ Երկրորդ՝ պաշտպանել պատասխանատուութիւնը, հիմնուելով այն համոզումին վրայ որ բոլոր մարդկութիւնը միեւնոյն մարդկային ազգի կը պատկանի եւ Երրորդ՝  մարդկային իրաւունքի պահպանումը։ Դժբախտաբար Եւրոպան խզելով երկխօսութեան կապը հաւատքի ու տրամաբանութեան միջեւ ու անտեսելով հրեայ - քրիստոնէական արմատները դարձած է մարմին մը առանց հոգիի, մինչ Եւրոպան հարուստ է պատմութեամբ, աւանդութեամբ ու մարդկայնութեամբ հաստատած է միշտ գերապայծառ Paul Richard Gallagher իր ելոյթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.